ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութիւնը կը շարունակէ Սփիւռքի վարժարաններուն, կրթամշակութային կենտրոններուն եւ հայերէնի ուսուցմամբ բոլոր տեսակի ուսումնական հաստատություններուն ուսումնական գրականութեան և ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման ամենամեայ ծրագիրը 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին համար:

Ձեռքբերումը, մշակումն ու տրամադրումը (առանց առաքման կամ առաքումով) պիտի իրականացուին իրաւասու անձանց եւ կառոյցներու պաշտօնական գրութիւններու հիման վրայ:

2020-2021 տարեշրջանի համար ուսումնական գրականութիւնը, մեթոդական ձեռնարկները, ուսումնաօժանդակ եւ դիդակտիկ նիւթերը 2020 թուականին ձեռք բերելու կամ մշակելու համար յայտեր անհրաժեշտ է ներկայացնել մինչեւ 2020 թ. Փետրուար 1-ը: Այս յայտերը կրնան ներառել.

  1. նախորդ տարիներուն օգտագործուած գրականութեան, նիւթերու անուանումներ՝ նշելով անհրաժեշտ մօտաւոր քանակը (նկատի առնելով առկայ քանակը եւ յաջորդ տարեշրջանին սաներու թուաքանակի ակնկալուող աճը կամ նուազումը),
  2. Հայաստանի մէջ հրատարակուած եւ դեռեւս վարժարանի կողմէ չփորձարկուած գրականութեան, նիւթերու անուանումներ՝ անհրաժեշտ քանակի նշումով,
  3. ուսումնական կարիքներու բաւարարմանն ուղղուած ընդհանուր առաջարկներ, ցանկութիւններ:

2020թ. տրամադրման, ինչպէս նաեւ հնարաւոր առաքման յայտերն անհրաժեշտ է ներկայացնել ձեռք բերուած ուսումնական գրականութեան եւ այլ ուսումնաօժանդակ նեւթերու ցանկը ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան կողմէ պաշտօնական՝ www.edu.am կայքէջի վրայ հրապարակուելէ յետոյ՝ հրապարակման օրուընէ մինչեւ ընթացիկ տարուան Նոյեմբեր ամիսը:


Սփիւռքի վարժարաններուն ուսումնական գրականութեան եւ այլ ուսումնաօժանդակ նիւթերու ձեռք բերման, մշակման եւ տրամադրման պետական ամենամեայ ծրագիրն առաւել հիմնաւոր եւ նպատակային դարձնելու համար ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութիւնը ձեռնարկած է Սփիւռքի վարժարաններու ելեկտրոնային գրանցման միասնական հարթակի ստեղծումը, որը յետագային հնարաւորութիւն պիտի տայ իրականացնելու Սփիւռքի վարժարաններու քարտէսագրումը, ինչպէս նաեւ Demo ձեւաչափով ծանօթանալու Հայաստանի մէջ հրատարակուած ուսումնական գրականութեան:

Յայտերը կրնան փոխանցուիլ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով կամ առաքուիլ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութեան պաշտօնական ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէներով.

info@edu.am կամ secretariat@edu.am

Բոլոր հարցերով կարելի է դիմել ՀՀ ԿԳՄՍՆ Սփիւռքի հետ կապերու բաժին.

հեռ.` +374 10 58-13-91
ել.փոստ` spyurq@yahoo.com կամ tamara.zalinyan@edu.am